2014-04-08 10:28:52

Մարմնավաճառութեան դէմ պայքար` Վատիկանը եւ ոստիկանութիւնը միեւնոյն պայքարը կը տանին։


Անգլիոյ եպիսկոպոսներու նախաձեռնութեամբ, 9-10 ապրիլ Վատիկանի մէջ կը գումարուի խորհրդաժողով մը, որ ունի որպէս նիւթ. ''Մարմնավաճառութեան դէմ պայքար` Վատիկանը եւ ոստիկանութիւնը միեւնոյն պայքարը կը տանին''։ Աշխատանքներուն կը մասնակցին 30 երկիրներու ոստիկանապետերը։ 10 ապրիլին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ժողովականները պիտի ընդունի։
Նշենք որ Սրբազան Քահանայապետը բազում անգամներ դատապարտած է մարմնավաճառութիւնը ու հրաւիրած բարի կամք ունեցող մարդիկը իրենց մասնակցութիւնը բերելու այդ տմարդի վաճառքին դէմ։ Անցեալ 17 մարտին կաթողիկէ, անկլիգան եւ իսլամ ալ Ազհար համալսարանի կրօներու ներկայացուցիչները միացեալ յայտարարութեամբ դատապարտեցին մարմնավաճառութիւնը։ Այս աննախընթաց վաւերաթուղթը մարմնավաճառութիւնն ու ստրկութիւնը որակած է որպէս ''մարդկութեան դէմ ոճիր''։








All the contents on this site are copyrighted ©.